2017-12-23 09:24:00

Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ բախումներ` զայրոյթի երրորդ ուրբաթ օրուան ընթացքին։


Այսրյորդանանի, Կազայի եւ բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ հարիւրաւոր պաղեստինցիներ վիրաւորուեցան «Զայրոյթի երրորդ ուրբաթ»-ի ընթացքին Երուսաղէմի զօրակցութեան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի որոշումի մերժման բողոքի ցոյցերուն ժամանակ իսրայէլեան ուժերուն հետ բախումներու ընթացքին:

Իսրայէլեան ուժերը Ռամալլայի մօտ գտնուող Պիրէի մէջ հիւանդատար ինքնաշարժի մը մէջ գտնուող վիրաւոր պաղեստինցի մը ձերբակալեցին: Իսրայէլեան ուժերը նաեւ ցուցարարներ եւ լրագրողներ խոշտանգեցին, երբ վերջիններս փորձեցին արգելք հանդիսանալ վիրաւոր պաղեստինցիի ձերբակալման:

Ռամալլայի արեւմուտքը գտնուող Պտրաս գիւղին մէջ բախումներուն ընթացքին իսրայէլեան ուժերը իսկական փամփուշտներ արձակեցին: Իսկ Թուլքարմի մէջ իսրայէլեան ուժերը պաշարեցին ուրբաթ օրուան նամազէն ետք շրջանի մզկիթներէն ընթացք առած քայլարշաւը:

Ցոյցեր եւ բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Պիրէի, Գալիլիոյ եւ Նապլուսի մէջ:

Կազայի Ժապալիա շրջանին արեւելքը 24-ամեայ պաղեստինցի մը կուրծքէն փամփուշտ ստանալով մահացաւ: Խան Եունեսի արեւելքը չորս այլ քաղաքացիներ արցունքաբեր կազերու պատճառով վիրաւորուեցան, իսկ երկու ուրիշներ փամփուշտներ ստացան:








All the contents on this site are copyrighted ©.